2014-05-19 13:35:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 19 մայիսի քարոզը` ''Սուրբ Պօղոսի սիրտը կը գտնուի Սուրբ Հոգիին մէջ''


Երկուշաբթի, 19 մայիսի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապը, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Պօղոս Առաքեալին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի քաջաբար քարոզչութեան եւ գործած հրաշքի մասին եւ հեթանոսներու կողմէ նկատուած էր որպէս երկինքէն իջած չաստուած մը, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգզեց, թէ Սուրբ Պօղոս, շատ յոգնեցաւ հեթանոսներու համոզել, թէ ինքը՝ մարդկային է, Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով ըսաւ ''ասոնք մարդկային իրադարձութիւններ են՝ որոնց մէջ կ'ապրէր Սուրբ Պօղոսը։
Ապա հարց տալով, թէ ո՞ւր կը գտնուէր Սուրբ Պօղոսի սիրտը, երբ ան՝ կարողացած է քիչ ժամանակամիջոցի մէջ, պատշաճօրէն դիմագրաւել ժամանակակից հարցերը. պատասխանելով Սրբազան հայրը հաստատեց. Աւետարանին մէջ. Յիսուս մեզի կ'ըսէ, Հօր կողմէ ուղղարկուած Սուրբ Հոգին, պիտի ուսուցանէ ամէն ինչ եւ պիտի յիշեցնէ ամէն ինչ, որ Ես ձեցի ըսած եմ։
Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին դարձեալ հաստատեց, Սուրբ Պօղոսի սիրտը , հաստատ կերպով կը գտնուի Սուրբ Հոգիին ներքեւ. սոյն պարգեւը, Յիսուս շնորհեց մեզի, հետեւաբար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ով որ ամրութիւն կը փնտռէ իր կեանքին մէջ, պէտք է ընթանայ Սուրբ հոգիին մօտ, Ան է մեր սիրտը, որ ընդունած ենք՝ Մկրտութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.